2017-07-03 10:40:00

Վերականգնողական Սարքեր` հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկներուն


Հայաստանի մէջ առանց ծնողական խնամքի հաշմանդամութիւն ունեցող մանկահասակ երեխաներու համար կայ միան մէկ մասնագիտացած կեդրոն: Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատան մէջ ամբողջ Հայաստանէն տարբեր ֆիզիքական եւ մտաւոր խնդիրներ ունեցող 125 երեխայ կայ` 0-8 տարեկան: Փոքրիկները քանի մը տասնեակ դայակներու, յատուկ մանկավարժներու, հոգեբաններու, նեարդաբաններու եւ այլ աշխատակիցներու շուրջօրեայ վերահսկողութեան ներքոյ են: Երեխաներու առօրեան յագեցած է` լող, խաղեր, կրթական, ուսուցողական եւ ժամանցային ծրագիրներ: Սակայն օրուան մեծ մասը կը նուիրուի վերականգնողական եւ բուժիչ տարբեր տիպի բուժումներուն, որոնց համար մանկատունը նորացուած սարքերու կարիք ունէր:

Յունիս 28-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը HSBC դրամատան ֆինանսաւորմամբ, մանկատան նուիրած է աւելի քան 2.2 միլիոն դրամի սարքեր` քայլակներ, սայլակներ, մկանները մարզող եւ մարսող սարքեր, օրթոպեդիկ բարձեր, ֆիքսատորներ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներու եւ արտաքին կապերու համակարգող Վարդան Փարթամեանը, փոխանցելով սարքերը մանկատան տնօրէն Աննա Գէորգեանին, ըսած է. «Ասիկսա «Երեխաներու տուն» մանկատան մեր վերջին նուիրատւութիւնը չէ, Դուք կրնաք մեզի ցանկացած հարցով դիմել: Վերջին 5 տարիներուն մենք մեր հոգածութեան տակ կը պահենք մանկատունը` երեխաներու վերականգնողական բուժումը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար»: Տնօրէն Աննա Գէորգեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ` վերականգնողական սարքերու դրական ազդեցութիւնը մօտ ապագային տեսանելի պիտի ըլլայ: «Մենք ամէն երեխայի հետ կ՝աշխատինք իւրովի: Նոր սարքերէն իւրաքանչիւրը պիտի գտնէ իր տէրը. հենաշարժողական խնդիրներ ունեցող երեխաները աւելի յարմար պիտի շարժին նոր քայլակներով եւ սայլակներով, մտաւոր խնդիրներ ունեցող փոքրիկները պիտի կիրառեն սնունդէն դիւրութեամբ օգտուելու համար նախատեսուած պարագաները: Մեր երեխաներուն համար շատ կարեւոր է նման ուշադրութիւնը: Հաշուի առնելով, որ մեծամասնութիւնը լքուած են ծնողներուն կողմէ, երեխաները իրենց այցելող հիւրերը տեսնելով` կ՝ուրախանան»:

Այս ծրագիրը HSBC դրամատան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համագործակցութեամբ երրորդ ծրագիրն է: Երկու կազմակերպութիւններն ալ իրենց առաջնային նպատակներուն մէջ ունենալով Հայաստանի մէջ երեխաներու համար արժանապատիւ եւ բարեկարգ պայմաններու ապահովումը՝ արդէն իրականացուցած են երկու ծրագիր. 2015-ին Վանաձորի ֆիզմաթ դպրոցի ռոպոթեխնիքայի դասասենեակը համալրուած է համակարգչային սարքերով եւ կահոյքով, իսկ 2016-ին Երեւանի թիւ 8 յատուկ դպրոցին մէջ հիմնուած է կարուձեւի սենեակ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Երեխաներու տուն» մանկատան կ՝աջակցի 2012-էն: Այդ տարի Հիմնադրամի Գերմանիոյ յանձնախումբի նիւթական աջակցութեամբ բարենորոգուած են մանկատան երկու շէնքերը, յետագայ տարիներուն վերակառուցուած է խաղահրապարակը, կառուցուած բուժիչ նշանակութեան լողաւազան, հիմնուած տարրալուծարան եւ ախտորոշիչ սենեակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.